28 Haziran 2013 Cuma

Հաղորդագրութիւն Վահէ Աւետեանի մահուան Ա. տարելիցի առթիւ

 
Հայկական բանակի սպայ, աւագ բժիշկ Վահէ Աւետեան չմահացաւ ճակատի վրայ, ազէրի կամ թուրք զինուորի փամփուշտով, ոչ ալ անդարմանելի հիւանդութեան մը հետեւանքով կամ սովորական արկածի մը պատճառով։ Ան սպաննուեցաւ «Հարսնաքար»  ճաշարանին մէջ, անոր տէր՝ Ռուբէն Հայրապետեան կոչեցեալ իշխանամերձ աւատապետի մը թիկնապահներուն կամ «սպասեակներու»ն կողմէ, վայրագօրէն խոշտանգուելէ ու մահամերձ վիճակի մէջ հիւանդանոց փոխադրուելէ ետք, 2012 Յունիս 29ին:


A l’initiative de Renaissance Arménienne Paris, une messe de requiem aura lieu ce dimanche 30 juin  en l’église apostolique St Jean Baptiste de Paris 15 rue Jean Goujon Paris 8me, à la mémoire de Vahé Avetian le médecin-soldat de l’armée arménienne, sauvagement assassiné il y a juste un an.
Ceux qui souhaitent honorer sa mémoire sont invités à participer à la cérémonie.


                                                                                                            
Հաղորդագրութիւն
Վահէ Աւետեանի մահուան Ա. տարելիցի առթիւ

Հայկական բանակի սպայ, աւագ բժիշկ Վահէ Աւետեան չմահացաւ ճակատի վրայ, ազէրի կամ թուրք զինուորի փամփուշտով, ոչ ալ անդարմանելի հիւանդութեան մը հետեւանքով կամ սովորական արկածի մը պատճառով։ Ան սպաննուեցաւ «Հարսնաքար»  ճաշարանին մէջ, անոր տէր՝ Ռուբէն Հայրապետեան կոչեցեալ իշխանամերձ աւատապետի մը թիկնապահներուն կամ «սպասեակներու»ն կողմէ, վայրագօրէն խոշտանգուելէ ու մահամերձ վիճակի մէջ հիւանդանոց փոխադրուելէ ետք, 2012 Յունիս 29ին:

Այսօր, Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ կ’ոգեկոչուի իր սպանութեան առաջին տարելիցը։

Հակառակ բազմաթիւ շօշափելի տուեալներու, ոճիրին անմիջական հեղինակները եւ հաւանական հրահանգողը` Ռուբէն Հայրապետեան, կը մնան անպատիժ։ Աւելին, Հայաստանի «արդարութեան» մեքենան ճիգ չի խնայեր խոչընդոտներ յարուցանելու համար տուժող կողմի փաստաբաններու աշխատանքներուն։

Այս «դատավարութիւնը» տակաւին չէ աւարտած, սակայն հիմնուելով իրաւական համակարգին իշխող վարչամեքենայէն կախեալ ըլլալու հանգամանքին վրայ եւ նկատի առած՝ բազմաթիւ տխուր նախընթացներ, շատ հաւանական է, որ այս դատավարութեան վախճանն ալ ըլլայ նոյնքան  անարդար ու գայթակղեցուցիչ. բացի եթէ ժողովրդային ու միջազգային ճնշումները պարտադրեն հակառակը։

Հոս, անկարելի է էջի մը տարածքին նշել անցեալի ու ներկայի դատական բոլոր ապօրինութիւնները՝ ըլլայ Հայկական բանակի չապականած տարրերու, թէ քաղաքական ընդդիմութեան եւ թէ աւատապետական մաֆիային չենթարկուող գործիչներու դէմ. այնքա՜ն երկար է, որ շարքը։

Արդարեւ, մարդկային իրաւանց միջազգային, ինչպէս նաեւ տեղական ու օտար ոչ-կառավարական շատ մը կազմակերպութիւններ, Հայաստանի վարչակարքը կը զետեղեն մարդկային իրաւունքները բռնաբարող երկիրներու ցանկին մէջ, ոչ-նախանձելի դիրքի վրայ։

Հայկական Վերածնունդի Փարիզի մասնաճիւղը խստօրէն կը դատապարտէ այս ոճիրները եւ մանաւանդ անոնց անպատժելիութիւնը։ Մեր շարժումը, Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններու կողքին, պիտի պայքարի ի նպաստ՝  մեր հայրենիքին մէջ արդար ու քաղաքակիրթ համակարգի մը հաստատման։


Հայկական Վերածնունդ - Փարիզ
27/06/2013

zartonk75@free.fr կամ 07-81-25-45-98                   Ֆէյսպուքի էջ Renaissance Arménienne Paris
                                                                                                                                    




.

__,_._,___

Hiç yorum yok:

Yorum Gönder